Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

15
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԱԹՎԻԱՅԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ. ՄԷԿ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԵՐԿՈՒ ԽԱՉՔԱՐ ԵՒԵՐԵՍՈՒՆՉՈՐՍ ՃԱՇԱՐԱՆ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: տանէն կու գայ եւ եռանդով կը լծուի պալթեան այս երեք երկիրներու հոգեւոր եւ կազմակերպչական առաջնորդութեան աշխատանքներուն: Տէր հօր նստավայրը Ռիկան` Լաթվիոյ մայրաքաղաքն է: Ամիսը երկու կիրակի Ռիկայի մէջ կը պատարագէ, մէկ անգամ` Թալինի (Էսթոնիա), մէկ անգամ ալ Վիլնիւսի մէջ (Լիթուանիա): Այս երեք երկիրները սահմանակից ըլլալով հանդերձ, կը գտնուին աշխարհագրական բաւական լայն տարածութեան մը վրայ, ինչ որ կը ստիպէ քահանային երկար ճամբորդութիւններ կատարել իր առաքելութեան ի խնդիր: Ռիկան գեղեցիկ քաղաք է: Անոր շէնքերը կառուցուած են «եուկընսթայլ» տիպի ճարտարապետական ոճով, Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul Հայրենի Լուրեր Քարվաճառը Օժտուեցաւ Ջրամատակա- րարման Համակարգով (Տեսնել՝ էջ 5) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Սուրիոյ Հարցին Քննութեամբ Զբաղող Միջազգային Յանձնախումբը Յատուկ Կարեւորութիւն Պէտք Է Տայ Քեսապին. Արամ Ա. Կաթողիկոս (Տեսնել՝ էջ 6) Երուսաղէմ Հայ Համայնքը Յոյս Ունի, Որ Իսրայէլի Նորընտիր Նախագահը Պիտի Նպաստէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման (Տեսնել՝ էջ 7) Մշակութային Էջեր Թուրքիոյ Մէջ Աւագ Հիւանդապահուհին Գիրք Գրած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Իր Հայ Մեծ Մօր Մասին (Տեսնել՝ էջ 8) «Եթէ այսօր մեր համայնքները չզօրացնենք, վաղը մեր ունեցած- ներն ալ պիտի կորսնցնենք»: Խոսրով քհնյ. Ստեփանեանը Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ հայկական գաղութներուն հոգեւոր հովիւն է: Ան Հայաս-

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Page 1: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԱԹՎԻԱՅԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ. ՄԷԿ

ԵԿԵՂԵՑԻ, ԵՐԿՈՒ ԽԱՉՔԱՐ ԵՒ…

ԵՐԵՍՈՒՆՉՈՐՍ ՃԱՇԱՐԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

տանէն կու գայ եւ եռանդով կը լծուի պալթեան այս

երեք երկիրներու հոգեւոր եւ կազմակերպչական

առաջնորդութեան աշխատանքներուն: Տէր հօր

նստավայրը Ռիկան` Լաթվիոյ մայրաքաղաքն է:

Ամիսը երկու կիրակի Ռիկայի մէջ կը պատարագէ, մէկ

անգամ` Թալինի (Էսթոնիա), մէկ անգամ ալ Վիլնիւսի

մէջ (Լիթուանիա): Այս երեք երկիրները սահմանակից

ըլլալով հանդերձ, կը գտնուին աշխարհագրական

բաւական լայն տարածութեան մը վրայ, ինչ որ կը

ստիպէ քահանային երկար ճամբորդութիւններ

կատարել իր առաքելութեան ի խնդիր:

Ռիկան գեղեցիկ քաղաք է: Անոր շէնքերը կառուցուած

են «եուկընսթայլ» տիպի ճարտարապետական ոճով,

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

www.facebook.com/RAGmamoul

Հայրենի Լուրեր Քարվաճառը Օժտուեցաւ Ջրամատակա-

րարման Համակարգով (Տեսնել՝ էջ 5)

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Սուրիոյ Հարցին Քննութեամբ Զբաղող

Միջազգային Յանձնախումբը Յատուկ

Կարեւորութիւն Պէտք Է Տայ Քեսապին. Արամ

Ա. Կաթողիկոս (Տեսնել՝ էջ 6)

Երուսաղէմ Հայ Համայնքը Յոյս Ունի, Որ Իսրայէլի

Նորընտիր Նախագահը Պիտի Նպաստէ

Ցեղասպանութեան Ճանաչման (Տեսնել՝ էջ 7)

Մշակութային Էջեր Թուրքիոյ Մէջ Աւագ Հիւանդապահուհին Գիրք

Գրած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Իր Հայ

Մեծ Մօր Մասին (Տեսնել՝ էջ 8)

«Եթէ այսօր մեր համայնքները

չզօրացնենք, վաղը մեր ունեցած-ներն ալ պիտի կորսնցնենք»:

Խոսրով քհնյ. Ստեփանեանը

Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ

հայկական գաղութներուն

հոգեւոր հովիւն է: Ան Հայաս-

Page 2: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 2

որ ընթացք առած է 19- 20-րդ դարերուն եւ ստեղծած յատուկ կենցաղ եւ մտածողութիւն` արուեստի եւ

փիլիսոփայութեան բնագաւառներուն մէջ: Արուեստի այս ոճը ոչ միայն բնորոշ դիմագիծ մը կու տայ

քաղաքին, այլ նաեւ` տարբեր փայլք: Լաթվիան մաս կազմած է Խորհրդային Միութեան: 1990-ին առաջին

երկիրներէն էր, որ անջատուեցաւ Խորհրդային Միութենէն եւ կերտեց անկախ հանրապետութիւն: Այսօր

Լաթվիան անդամ է Եւրոպական Միութեան` ոչ միայն կենսամակարդակին շնորհիւ, այլ նաեւ`

ճարտարարուեստական յառաջխաղացքին: Թէեւ ռուսերէնը եւ անոր ազդեցութիւնը առկայ են տակաւին,

բայց զգալի է նաեւ տեղացի ժողովուրդին կողմէ զգայնութիւնն ու վերապահութիւնը անոնց նկատմամբ:

Հայկական իրականութիւնը սկսած էր զարգանալ Խորհրդային Միութեան օրերուն, երբ գաղութը կը

հաշուէր մօտաւորապէս եօթը հազար հայ: Անոնք Հայաստանէն եկած էին ուսանելու նպատակով, կամ`

աշխատանք գտնելու: Ներկայիս գաղութը հազիւ 2500 հոգի կը հաշուէ: Շրջանին մէջ տիրող տնտեսական

տագնապը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ մեծ թիւով հայեր հեռանան երկրէն:

Տէր Խոսրովին համար քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային արժէքները սրբութիւններ են, որոնց համար

եւ անոնց պահպանման ի խնդիր կը տագնապի ան, մանաւանդ որ խառն ամուսնութիւններուն իբրեւ

հետեւանք` հայ ազգի զաւակները հետզհետէ կը հեռանան հայկական ջերմ միջավայրէն:

Բայց յուսահատութիւն չի ճանչնար հայ հոգեւորականը: 2005 թուականին նշանակուած է այդ

տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ: Որպէս հոգեւոր տեսուչ` ան Ղարաբաղի մէջ ծառայած է, եւ ատիկա զինք

աւելի գօտեպնդած է հայուն արդար պայքարով եւ ազգային ինքնորոշման արժանիքներով:

Ռիկայի հայկական եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները սկսած են 1997-ին եւ մնացած` կիսատ:

Համայնքի հոգեւոր առաջնորդութիւնը նոր ստանձնած հովիւը անմիջապէս կը ձեռնարկէ եկեղեցւոյ

կառուցման եւ շինարարական աշխատանքներու ամբողջացման: 2009-ին շինարարութիւնը իր լրումին կը

հասնի, եւ 2011-ին եկեղեցին կ՛օծուի եւ կ՛անուանակոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:

Տակաւին կայ աւելի՛ն. տէր հայրը այսքանով չի բաւարարուիր եւ կը սկսի բանակցութիւններ վարել

քաղաքապետարանին հետ, որպէսզի եկեղեցւոյ հանդիպակաց փողոցը նոյնպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ

անուանուի:

«Եկեղեցւոյ շինարարութեան կողքին անհրաժեշտ է հաւատք կերտել», կ՛ըսէ տէր հայրը: Հաւատքի

հասկացողութիւնը անոր համար ընդհանրական է: Ան կը հաւատայ քրիստոնէական արժանիքներուն,

նաեւ` ընկերային ու գաղութային կեանքին մէջ ազգային արժէքներուն ու գիտակցութեան:

«Անհրաժեշտ է հայուն մէջ վառ պահել անձնազոհութեան գիտակցութիւնը: Ամէն հայ պէտք է զգայ, որ

հայկական գաղութը կը պահուի նուիրուածութեամբ եւ հայ կեանքին մէջ գործօն մասնակցութեամբ», կ՛ըսէ

հոգեւոր հովիւը:

Հայկական գաղութին մէջ չկան կուսակցական կառոյցներ, հետեւաբար հայ իրականութեան մէջ եկեղեցին

դարձած է միակ կեդրոնատեղին, որ իր հովիւին հետ միասին կը հաւաքէ եւ իրարու կը միացնէ հայ

գաղութին զաւակները: «Այս իմաստով գաղութը ինծի կը նայի ոչ միայն որպէս հոգեւոր հովիւ, այլեւ`

ազգային առաջնորդ, հետեւաբար պարտաւորութիւններս եւ պարտականութիւններս շատ են»:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Page 3: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 3

Թէեւ փոքր ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ տէր հօր դէմքին վրայ, բայց անոր ետին կայ ծանրաբեռնուածութիւն,

նաեւ, մերթ ընդ մերթ, յուսահատութեան դրսեւորումներ: «Պէտք չէ մոռնալ, որ ես ալ մարդ եմ», շարունակեց

ան:

Հայկական միօրեայ վարժարանը կիրակի օրերը կը գործէ եկեղեցւոյ գետնայարկ սրահին մէջ:

Դասապահերը կը սկսին առաւօտեան ժամը տասէն մինչեւ երեկոյեան ժամը վեց: Ութ տարեկանէն մինչեւ

վաթսուներեք տարիքի հայորդիներ կը մասնակցին հայերէն դասաւանդութիւններուն: Մօտաւորապէս

երեսուն հայեր կանոնաւոր կերպով կը հետեւին դասընթացքներուն:

Տէր Խոսրով այսքանով բաւարարուած չէ: «Եթէ հայապահպանման մասին պիտի մտածենք, անհրաժեշտ է

ունենանք ամէնօրեայ հայկական վարժարան: Հայոց լեզուի գործածութիւնը յատկապէս նոր սերունդի մօտ

հետզհետէ կը նուազի: Նոյնիսկ երբ տուներուն մէջ հայերէն կը խօսինք մանուկներուն հետ, ընդհանրապէս

տեղական լեզուով կամ ռուսերէնով կը պատասխանեն մեզի»: Ասիկա տէր հօր ցաւերէն մէկն է, որուն

համար կը տագնապի: «Եթէ մեր համայնքը այսօր չզօրացնենք, վաղը մեր ունեցածն ալ կը կորսնցնենք», կը

հաստատէ ան:

Հայկական այսօրուան իրավիճակը իր իւրայատուկ տեղն ու դրոշմը ունի Ռիկայի մէջ: Մէկ եկեղեցի մը` Ս.

Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ հայուն հոգեւոր եւ ազգային պատուանդանն է, երկու խաչքար` մէկը եկեղեցւոյ

շրջափակին մէջ, իսկ միւսը` քաղաքի կեդրոնական մասին` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան

պետականացման 1700-ամեակին առիթով կառուցուած: Այս երկու խաչքարերը հայուն «ապրող» եւ

«ապրելու» հրամայականներուն վկայութիւններն են: Բայց կայ նաեւ աւելին… երեսունչորս հայկական

ճաշարան` «Արմենիա», «Աղթամար» եւ ուրիշներ, որոնք կը գործեն մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններուն

մէջ եւ վստահաբար հպարտութիւն կը ներշնչեն հայուն:

Տէր Խոսրով աչալրջութեամբ կը հետեւի քաղաքական բոլոր իրադարձութիւններուն:

Page 4: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

«Թրքական գործօնը շատ զօրաւոր է Լաթվիոյ մէջ յատկապէս` ցեղասպանութեան 100-ամեակի

նախօրեակին», կ՛ըսէ ան: «Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուիլ այս բոլորին դիմաց»: Տէր

Խոսրովին այս հարցադրումը, կ՛ենթադրեմ, ոչ միայն իր, այլ նաեւ ինծի ու համայն հայութեան կը վերաբերի`

որպէս մէկ մեծ մարտահրաւէր. «Ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուիլ»:

Չես կրնար չմտածել, թէ որքա՜ն «գունագեղ» է հայկական սփիւռքը, որքա՜ն «այլազան», եւ այս օրերուն

նաեւ` «փոխուող» իրականութիւն, երբ մայր հայրենիքէն արտասահման կ՛անցնին մեծ թիւով հայեր:

Բայց «գունագեղ», «այլազան» եւ «փոխուող» իրականութիւնները ունին մէկ հասարակ յայտարար, մեծ

պարտականութիւն` հայապահպանում: Անհրաժեշտութիւն` հայը հայ պահելու, որովհետեւ ատիկա ոչ

միայն այսօրուան, այլ նաեւ վաղուան գրաւականն է: Տէր Խոսրովի մտահոգութենէն մեկնելով` հայկական

իրականութիւնը կը կանգնի մեծ առաքելութեան դիմաց. արդարեւ, եթէ ապագան պիտի երաշխաւորենք,

պէտք է սկսինք այսօրուան տուեալները գուրգուրալէն:

Լիբանանեան շարժապատկերի արուեստի լաւ ներկայացուցիչներէն Նատին Լապաքիի վերջին ժապաւէնին

խորագիրը ուսանելի պէտք է ըլլայ նաեւ հայուն համար այսօր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի

մթնոլորտէն ետք ու անոր ստեղծած քաղաքական, ընկերային, կրօնական եւ մշակութային հանգուցային

իրադարձութիւններէն ետք բեմադրիչը հարց կու տայ. «Եւ հիմա դէպի ո՞ւր» (հալլա լա ուէյն), ասիկա

վերածելով իր ժապաւէնի անուան:

Թէեւ շարժապատկերին խորագիրը լիբանանցիին ու անոր ապրած իրականութեան մասին է, բայց մօտէն

կ՛առնչուի նաեւ հայուն եւ անոր ապրած իրականութեան:

Դիտելով Ռիկայի հայկական իրականութիւնը եւ բոլոր մնացեալ իրականութիւնները սփիւռքի տարածքին`

անհրաժեշտ է, որ հարց տանք մենք մեզի. «Եւ հիմա դէպի ո՞ւր»:

Եթէ պահանջատիրութիւնն է մեծագոյն օրակարգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ուրեմն

հայապահպանումը մեր ներհայկական մեծագոյն հիմնահարցը պէտք է ըլլայ:

«Եւ հիմա դէպի ո՞ւր» մեր պատմութեան այս մեծագոյն անկիւնադարձային առիթով անպայման դէպի

պահանջատիրութիւն, ե՛ւ հայապահպանում:

Այս երկուքը իրարու հետ եւ իրարմով կամրջուած են, իրարմով կը զօրանան ու մանաւանդ` կ՛իրականանան:

Մինչ այդ Լաթվիայէն հայկական արձագանգները կը լեցնեն հայու հոգին: Մէկ եկեղեցի, երկու խաչքար եւ

երեսունչորս հայկական ճաշարան: Հայուն շարունակականութեան գործօնին փոքր, բայց կարեւոր կենդանի

մէկ պատկերը, զոր պէտք է տանինք վաղուան:

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 4

Page 5: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Քաջ գիտակցելով մաքուր ջուրի անհրա-

ժեշտութեան եւ հասարակական առողջութեան

վրայ ունեցած անոր հսկայական դրական

ազդեցութեան՝ Հայաստան Համահայկական

հիմնադրամը բարձրագոյն չափանիշներով

ջրամատակարարման համակարգ մը կառուցեց 570

բնակիչ ունեցող Քարվաճառի համար: Ծրագիրը, որ

արժեց աւելի քան 400,000 տոլար, կ՛ընդգրկէ հինգ

մղոն երկարութեամբ խողովակային ցանց մը, որ

կապուած է գիւղի 120 բնակարաններուն, ինչպէս

նաեւ երկու ջրամբար՝ 26,400 կալոն ընդհանուր

տարողութեամբ, մատակարարման կանոնա-

ւորութիւնը եւ ջուրի համաչափ հոսքը ապահովելու

համար:

Հայրենի Լուրեր

ՔԱՐՎԱՃԱՌԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ

ՋՐԱՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՎ

Մինչեւ վերջերս, հիւսիսարեւմտեան Արցախի մէջ գտնուող Քարվաճառ գիւղը հոսող ջուր չունէր: Համայնքի

բնակիչները վստահաբար ամերիկացիներուն չափ ջուր չեն գործածեր, սակայն ունին միեւնոյն էական

կարիքները: Թէեւ Քարվաճառն ու իրեն մաս կազմած ամբողջ շրջանը շուտով պիտի օգտուին Հայաստան

Համահայկական հիմնադրամին կողմէ կառուցուող ու տեղուոյն բնակավայրերը եզերող Վարդենիս-

Մարտակերտ մայրուղիին շնորհիւ նախատեսուած առեւտրական աճէն, շրջանը կը շարունակէ մնալ

Արցախի ամէնէն թերզարգացած տարածքը, որ նաեւ ծանր վնաս կրած է պատերազմին ընթացքին: Հոսող

ջուրի չգոյութիւնը կը նշանակէ, որ գիւղական համայնքներու բնակիչները ստիպուած են ջուր հաւաքելու

աղբիւրներէ, ջրհորներէ կամ երբեմն՝ կեդրոնական ջրհաններէ: Շատ ընտանիքներ իրենց հաւաքած ջուրը

կը պահեն տնային յարմարցուած ջրամբարներու մէջ՝ յաճախ այս նպատակին համար օգտագործելով աղբի

թիթեղներ, որոնք ընդհանրապէս մօտ 32 կալոն ջուր կ՛առնեն:

Նոյնիսկ եթէ նման քանակով կարելի ըլլայ հոգալ խմելու եւ եփելու կարիքները, բաւարար ջուր պիտի չմնար

լոգանքի, ակռաներու խոզանակման, հագուստներու ու պնակեղէնի լուացման եւ տնային մաքրութեան

համար: Աւելին, ի տարբերութիւն ծորակէ հոսող ջուրին, տնային ջրամբարներու ջուրը զտուած չէ: Իրօք,

անոնց մէջ մթերուած հեղուկը դիւրաւ կրնայ լճացած ջրակոյտի վերածուիլ՝ տեղ տալով զանազան ջրածին

եւ յաճախ վարակիչ հիւանդութիւններու:

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 5

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Page 6: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ

ՔԵՍԱՊԻՆ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 11 Յունիս 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ

մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ դոկտ.

Փաուլօ Սերժիօ Փինհէյրոյին: Իր պատգամին մէջ վեհափառը պահանջեց, որ Քեսապի հարցը յատուկ

քննութեան առարկայ դառնայ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով: Վեհափառը

յատկապէս ըսաւ. «Երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր դէմ

գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու, այլ ողբերգութիւն մը պարտադրուեցաւ մեր

ժողովուրդին Թուրքիոյ կողմէ: Արդարեւ, Քեսապի մեր ժողովուրդը, որ տեղահան դարձած էր պատմական

Կիլիկիայէն, ահա դարձեալ նո՛յն ողբերգութեան ենթարկուեցաւ: Ապա վեհափառը կ՛առաջարկէ

անհրաժեշտութեան պարագային իր ներկայացուցիչը ղրկել իր մօտ` ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու

Քեսապի հարցին մասին:

Յիշեալ յանձնախումբը նշանակուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Մարդկային իրաւանց

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 6

յանձնաժողովին կողմէ եւ ներկայ ամսուան

աւարտին ան իր տեղեկագիրը պիտի

ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին:

Յայտնենք, որ վերջերս վեհափառ հայրապետին

Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին

Սուրիոյ հայութեան տագնապը` քրիստոնեայ

համայնքներու դիմագրաւած դժուարու-

թիւններուն ծիրին մէջ, յաճախակի կերպով

արծարծուեցաւ պապին, պետական

քարտուղարին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն

հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն

ընթացքին:

Page 7: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Ռիվլինի ընտրութիւնը բնականաբար անհանգստացուցած է

Անգարան:

Յիշեցնենք, թէ անցեալ ամիս, Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ

կայացած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի

քննարկման ընթացքին, Ռիվլին ըսած էր. «Դժուար է ներել

մեր ողբերգութիւնը անտեսած ազգերը, եւ չենք կրնար

անտեսել միւս ազգերու ողբերգութիւնը: Իբրեւ մարդ եւ

իբրեւ հրեայ, ասիկա մեր բարոյական պարտքն է»:

Երուսաղէմ

ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ՆՊԱՍՏԷ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ

Իսրայէլի մէջ Ռուվեն Ռիվլինի նախագահ ընտրուելուն առիթով, տեղւոյն հայ համայնքի

ներկայացուցիչները ստացած են բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: Պատճառը այն է, որ Ռիվլին կը համարուի

իսրայէլահայերու բարեկամ: Ան նաեւ տարբեր առիթներով կոչ ըրած է, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած

հրեաները ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 7

Page 8: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Անգարայի Lokman Hekim Etlik հիւանդանոցի

աւագ հիւանդապահուպին Այսել Քարսլըն

հանդիսաւոր պայմաններու մէջ եւ ընթերցող-

ներու մեծ թիւի մասնակցութեամբ իրականա-

ցուցած է իր գիրքի շնորհանդէսը եւ գիրքը

վաճառած իր ստորագրութեամբ:

Այսել նշած է, որ «Վարդանոյշի Ալին” գիրքի մէջ

ներկայացուցած է Վարդանոյշ անունով իր հայ

մեծ մօր կեանքը:

Յառաջիկայ օրերուն Այսել Քարսլըն պիտի

մասնակցի նաեւ Սթամպուլի, Պուրսայի,

Մալաթիոյ եւ Գիրեսունի մէջ կազմակերպուող

շնորհանդէսներուն, որուն ժամանակ եւս գիրքերը

պիտի վաճառէ իր ստորագրութեամբ:

Մշակութային Էջեր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՒԱԳ ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻՆ ԳԻՐՔ ԳՐԱԾ Է

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՓՐԿՈՒԱԾ ԻՐ

ՀԱՅ ՄԵԾ ՄՕՐ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ մասնաւոր յայտնի հիւանդանոցներէն մէկուն աւագ բուժքոյր Այսել Քարսլըն ներկայացուցած է

Վարդանոյշ անունով իր հայ տատիկի կեանքի մասին պատմող գիրքը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական

Milliyet-ը:

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 110, էջ 8

Page 9: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 10: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 11: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110
Page 12: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

Page 13: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110
Page 14: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110
Page 15: Friday 13 06 14, volume # 9, issue # 110

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]