Friday 06 06 14, volume # 9 issue # 105

21
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԻԻՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍՊՆԵԱԿԸ» ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: տարիներ շարունակ: Մեր միջեւ կար ազգականական¬ընտանեկան կապ` հօրենական մեծ մօրս կողմէ, որ Գունտաքճեան էր: Հերիին համար հարազատը սրտի հատոր էր, որ կու տար իրեն յատուկ «հարստութիւն», որով ան իր կեանքին մէջ «ներդրում» կը կատարէր` մարդկային հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան ընդմէջէն: Հերիին շնորհաւորելու ոճն ու ընթացքը կը տարբերէր իւրաքանչիւր տարի: Եթէ կար բացիկը, բայց նաեւ` հեռատիպն ու հեռաձայնը: Իսկ նախորդ տարուան իր կողմէ ինծի եղած վերջին շնորհաւորութիւնները, չեմ գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ եւ մտածելակերպով զիս կը դնէին կեանքի մէկ իրական պատկերին դէմ յանդիման… «Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը մեծնաս…»: Մեծնալը ոչ միայն տարիքով է, այլ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ մէկը միւսին ետեւէն գլորուող Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul ՌԱԿ-ի Լուրեր ՌԱԿ Կ'այցելէ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս-Պետրոս 19-րդ Հոգեւոր Տիրոջ (Տեսնել՝ էջ 4) Հայրենի Լուրեր Լիբանանի Մէջ Հայկական Բանակի Խաղաղապահ Գունդ Պիտի Տեղակայուի (Տեսնել՝ էջ 5) Լուրեր Սփիւռքէն Վատիկան ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը Վատիկանի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 6) Պէյրութ, Լիբանան - «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում (Տեսնել՝ էջ 8) - 75-Ամեակի Սերունդի Հունձքը Լուսաւորեց Մեսրոպեան Վարժարանի Դէպի 100-Ամեակ Երթը (Տեսնել՝ էջ 10) Մոսկուա, Ռուսիա Յովհաննէս Թումանեանի 145-Ամեակին Նուիրուած Գրական-Երաժշտական Երեկոյ Մոսկուայի Ազգութիւններու Տան Մէջ (Տեսնել՝ էջ 14) «Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը մեծնաս…»: Իւրաքանչիւր 8 փետրուարին` տարեդարձիս օրը, Հերի Գուն- տաքճեան իրեն յատուկ զուարդ տրամադրութեամբ չէր մոռնար շնորհաւորել զիս, եւ ասիկա`

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Friday 06 06 14, volume # 9 issue # 105

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԵՐԻԻՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍՊՆԵԱԿԸ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

տարիներ շարունակ: Մեր միջեւ կար

ազգականական¬ընտանեկան կապ` հօրենական մեծ

մօրս կողմէ, որ Գունտաքճեան էր: Հերիին համար

հարազատը սրտի հատոր էր, որ կու տար իրեն յատուկ

«հարստութիւն», որով ան իր կեանքին մէջ «ներդրում»

կը կատարէր` մարդկային հաղորդակցութեան եւ

յարաբերութեան ընդմէջէն:

Հերիին շնորհաւորելու ոճն ու ընթացքը կը տարբերէր

իւրաքանչիւր տարի: Եթէ կար բացիկը, բայց նաեւ`

հեռատիպն ու հեռաձայնը: Իսկ նախորդ տարուան իր

կողմէ ինծի եղած վերջին շնորհաւորութիւնները, չեմ

գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ եւ մտածելակերպով

զիս կը դնէին կեանքի մէկ իրական պատկերին դէմ

յանդիման… «Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը մեծնաս…»:

Մեծնալը ոչ միայն տարիքով է, այլ իւրաքանչիւր

անհատի կեանքին մէջ մէկը միւսին ետեւէն գլորուող

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

www.facebook.com/RAGmamoul

ՌԱԿ-ի Լուրեր ՌԱԿ Կ'այցելէ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.

Ներսէս-Պետրոս 19-րդ Հոգեւոր Տիրոջ (Տեսնել՝ էջ 4)

Հայրենի Լուրեր Լիբանանի Մէջ Հայկական Բանակի Խաղաղապահ

Գունդ Պիտի Տեղակայուի

(Տեսնել՝ էջ 5)

Լուրեր Սփիւռքէն Վատիկան ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը Վատիկանի Մէջ

(Տեսնել՝ էջ 6)

Պէյրութ, Լիբանան - «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի

Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց

Բաշխում (Տեսնել՝ էջ 8)

- 75-Ամեակի Սերունդի Հունձքը Լուսաւորեց

Մեսրոպեան Վարժարանի Դէպի 100-Ամեակ

Երթը

(Տեսնել՝ էջ 10)

Մոսկուա, Ռուսիա

Յովհաննէս Թումանեանի 145-Ամեակին Նուիրուած

Գրական-Երաժշտական Երեկոյ Մոսկուայի

Ազգութիւններու Տան Մէջ (Տեսնել՝ էջ 14)

«Ալօ, Հրա՛յր, ճի՞շդ է, որ կը

մեծնաս…»:

Իւրաքանչիւր 8 փետրուարին`

տարեդարձիս օրը, Հերի Գուն-

տաքճեան իրեն յատուկ զուարդ

տրամադրութեամբ չէր մոռնար

շնորհաւորել զիս, եւ ասիկա`

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 2

ու արաբական, եւ թէ միջազգային աշխարհներ: Եւ ան «վազեց» ձիու մը ուժով ու արագութեամբ, այնքան,

որ անոր տրուեցաւ «The horse» (ձին) մակդիրը: Ան միջազգային դիրքի ու համբաւի հասաւ

համաշխարհային լրատուական¬տեղեկատուական ցանցին մէջ` գրաւելով մեծ վարկ իր մատուցած

անսակարկ ու արհեստավարժ ծառայութեան համար, բայց նաեւ հասաւ հայկական մամուլին,

լիբանանեանին ու արաբականին` միշտ տալով շատ աւելին: Հերի նկարեց իւրաքանչիւր դրուագ, անհատ,

բայց անպայմանօրէն` արժէք: Ան իր ոսպնեակին մէջ կրցաւ դնել միտք, բայց նաեւ` հոգի, եւ մտքին ու

հոգիին ընդմէջէն «նկարեց» հայկական ու լիբանանեան¬արաբական (նաեւ աւելին) ապրող

իրավիճակները, որոնք դարձան հարազատ վկայութիւնը այս երկու իրականութիւններու ապրող եւ

տրոփող սրտերուն ու անոնց արդար պահանջատիրութեան:

Ամերիկան Հերի Գունտաքճեանին համար եղաւ միայն նստավայր, իր սիրտը չկրցաւ դնել Նիւ Եորքի

շէնշող եւ հմայք սփռող կեանքին մէջ: Պէյրութը մնաց իր սրտին նստավայրը, եւ չվարանեցաւ իր

հարազատներուն ըսել. «Ես Պէյրութ պիտի թաղուիմ»:

Հերիին համար ամէնէն մեծ հպարտութեան առիթը եղաւ նկարել հայկական եռագոյն դրօշակին առաջին

անգամ ծածանիլը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ` Նիւ Եորք`

խոստովանելով, որ` «այս մէկը տարբեր է»: Հերին իր նկարին մէջ ո՛չ միայն պարզեց Եռագոյնը, այլ նաեւ

նոյն այդ դրօշին հպարտութիւնը: Հպարտութիւն մը, որուն հետ, եւ որուն համար Հերին շարունակեց ապրիլ

մինչեւ իր յոգնած սիրտը դադրեցաւ «ձիու» մը նման «վազելէ»:

Կարելի չէր Նիւ Եորք այցելել առանց Հերին տեսնելու: Բայց իմ վերջին այցելութիւնս` մայիսին, եղաւ ձեւով

մը անկատար, որովհետեւ Հերին չկար, բայց նաեւ… որովհետեւ ան չհասաւ «Պէյրութ թաղուելու» իր

փափաքին:

իրականութիւններու շարանով, որուն կազմութեան ընթացքին

տարիներուն թիւերը կը բարձրանան` առանց ետդարձի կարելիութեան:

Մեր Ճէպէճեան¬Գունտաքճեան գերդաստանին մէջ կայ «տոհմապետ»¬ի

դրութիւնը, եւ իւրաքանչիւր զարմիկ ունէր իր դիրքին տիրանալու եւ

հասնելու առիթը: Հերի Գունտաքեան, որ մեր ընտանիքի երէց սերունդին

վերջին ներկայացուցիչն էր, նստաւ այդ «տոհմապետ»¬ի աթոռին վրայ

վերջին աւելի քան տասը տարիներուն: «Երէց» սերունդին պատկանելու

իրականութիւնը իրեն կու տար նաեւ հոգեկան գոհացում եւ ուրախութիւն,

եւ միշտ չէր մոռնար իրեն յատուկ սրամտութեամբ եւ կատակով մեզի

յիշեցնելու. «Խօսքս մտիկ պէտք է ընէք, ես եմ տոհմապետը»:

Հերին իր կեանքին մէջ շատ գեղեցիկ կերպով կրցաւ կամրջել հայկական

ու լիբանանեան (նաեւ արաբական) արժէքները, որոնք իր բովանդակ

կեանքին համար եղան գիտակցութիւն: Ան այս գիտակցութիւնը դրաւ իր

մասնագիտական եւ ասպարէզային կեանքին մէջ եւ դարձաւ անոր/անոնց

ջատագովը: Ան «վազեց» իր ոսպնեակին հետ` հոս ու հոն, թէ՛ հայկական

Հերի Գունտաքճեանի անվերջ բաժանումով փակուեցաւ մեր գերդաստանին այսպէս ըսած «երէց

սերունդին», այլ խօսքով` «վերջին մոհիկանին» պատմութիւնը: Պատմութիւն մը, որ լեցուն էր արժէքներու

հասկացողութեամբ, բայց նաեւ նոյն այդ արժէքներուն համար վազող ու տրոփող սիրտով:

Այո՛ Հերի, ճիշդ է, որ ես ալ կը մեծնամ, բայց կը մեծնամ ջանալով գիտակցիլ ու ապրիլ այն արժէքին համար,

որ դուն միշտ «տարբեր» գտար: Դուն «Հայկական ոսպնեակիդ» մէջէն հանեցին «պատկերներ», որոնք մեզ

մեծցուցին (ու տակաւին) նոյն այս «տարբեր»-ին գիտակցութեամբ, բայց նաեւ հպարտութեամբ:

Հերի Գունտաքճեանի «Հայկական ոսպնեակը»` ապրող ու ապրեցնող հայկական պատկերներով լի:

Պատկերներ, որոնք տակաւին «կը վազեն» ու պէտք է շարունակեն «վազել»:

Նիկոսիա, Կիպրոս

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 3

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

ՌԱԿ-ի Լուրեր

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 4

Երէկ առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային

Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր

ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Տ. Ներսէս 19-րդ հոգեւոր տիրոջ

կողմէ: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ

Յակոբեան (ատենադպիր), եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան:

Մօտ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին հոգեւոր տէրը տպաւորութիւնները փոխանցեց

Հայաստան իր այցելութեան մասին, ուր ան շաբաթ մը առաջ կը գտնուէր մասնակցելու կարգ մը

պաշտօնական ժողովներու եւ հանդիպումներու: Այս առիթով կողմերը անդրադարձան Հայ ժողովուրդը

ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերու մասին: Հոգեւոր տէրը ինչպէս

միշտ, խրատեց Հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերը վեր դասել ամէն տեսակի նեղ նկատառումներէն:

ՌԱԿ Կ'ԱՅՑԵԼԷ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ

Տ. ՆԵՐՍԷՍ-ՊԵՏՐՈՍ 19-ՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Արծարծուած նիւթերուն մէջ կարեւոր

տեղ գրաւեցին Հայ երիտասարդութեան

թէ Հայաստանէն եւ թէ Լիբանանէն

արտագաղթի վտանգաւոր երեւոյթը:

Խօսակցութիւններու կարեւոր նիւթ

դարձան նաեւ ընդհանրապէս

Սուրիահայութեան եւ մանաւանդ

Քեսապա-հայութեան եւ վերջին քանի մը

օրերուն Հալէպահայութեան

դիմագրաւած տագնա-պալի վիճակը եւ

շեշտը դրուեցաւ անոնց

դժուարութիւններուն հասնելու կարելի-

ութիւններու որոնումի կարեւորութեանը

վրայ:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ

ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Հայրենի Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ

ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ԳՈՒՆԴ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԻ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 5

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան

Օհանեան Պելճիքայի մէջ Յունիս 3-ին

հանդիպած է Իտալիոյ պաշտպանութեան

նախարար տիկին Ռոպերթա Պինոթթիին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են

հայ-իտալական երկկողմանի ռազմական

համագործակցութեանն առնչուող հարցեր:

ՀՀ եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախա-

րարները ստորագրած են «Հայաստանի

Հանրապետութեան պաշտպանութեան

նախարարութեան եւ Իտալիայի

Հանրապետութեան պաշտպանութեան

նախարարութեան միջեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Ազգերու Ժամանակաւոր Ուժերուն մէջ

համագործակցութեան եւ օժանդակութեան մասին» համաձայնագիրը։ Ըստ համաձայնագրին Լիբանանի

մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ UNIFIL-ի իտալական զօրախումբին մէջ պիտի ընդգրկուի

հայաստանեան խաղաղապահ գունդ մը:

Լուրեր Սփիւռքէն

Վատիկան

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի

Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա Վեհափառը ու անոր

ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը առանձական հանդիպում

ունեցաւ Արամ Ա Վեհափառի հետ ու ապա տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ներկայացում,

որմէ ետք տեղի ունեցաւ երկու Հայրապետներու զեկոյցը եւ նուէրներու փոխանակումը, որուն յաջորդեց

համամիութենական աղօթք` Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր Մատրան մէջ: Հանդիպումի ընթացքին իր

արտասանած ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները ըսելով` ''Բարի Եկաք Սուրբ

Պօղոս եւ Պետրոս առաքելապետերու շեմին'':

Ան ապա անդրադարձաւ մէկ ամիս

առաջ Գարեգին Բ` Ամենայն Հայոց

Կաթողիկոսի հետ ունեցած

հանդիպումին ու գոհութիւն

մատուցեց Տիրոջ` ''միացնող

եղբայրական յարաբերութիւններուն

համար'', Աստուծոյ շնորհք

նկատելով հանդիպումի այս պահն

ու միասնական աղօթքը։ Նորին

Սրբութիւնը ապա մատնանշեց

Արամ Ա կաթողիկոսի

յանձնառումին` Քրիստոսի

հաւատացեալներու միջեւ միութեան

դատին ի սպաս, ակնարկելով

Եկեղեցիներու Համամիութենական

խորհուրդէն ներս անոր կարեւոր

դերակատարութեան ու վերոյիշեալ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 6

խորդուրդի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին տուած նպաստին, որ իր կարգին թիկունք կը

կանգնի շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, որոնք ''բազմաթիւ դժուարութիւններու ենթակայ են'': Առանց

մոռնալու նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան որակեալ ներդրումը` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ

Արեւելեան ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան խառն յանձնախումբի աշխատանքին։ ''Կրնամ

ըսել թէ այս հաղորդութեան լիութեան ճանապարհի վրայ կը կիսենք միեւնոյն յոյսերը եւ միեւնոյն

պատասխանատու յանձնառումը, վստահ ըլլալով թէ կը քալենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կամքին

համաձայն'', – ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ որ ''դարերու ընթացքին

ստիպուեցաւ դառնալ պանդուխտ ժողովուրդ` կրելով հալածանք ու մարտիրոսութիւն, որոնք խոր վէրքեր

յառաջացուցին համայն հայ ազգի սրտին մէջ։ Այդ վէրքերը – յարեց Սրբազան Հայրը – ''Պէտք ենք տեսնել ու

մեծարել որպէս նոյնինքն Քրիստոսի մարմնոյն վէրքեր'', ու ճիշդ ասոր համար անոնք կը դառնան

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 7

անսասան յոյս ու վստահութիւն` Հօր

նախախնամ ողորմութեան։ Ֆրանչիսկոս

Սրբազան Քահանայապետը ապա

շեշտը դրաւ ''Յոյսի եւ Վստահութեան''

վրայ որոնց կը կարօտին Միջին

Արեւելքի եղբայրակից քրիստոնեանրը,

յատուկօրէն անոնք որ կ՛ապրին

հակամարտութիւններու եւ բռնու-

թիւններու թիրախ շրջաններուն մէջ։

Յոյսի եւ Վստահութեան կարօտը ունինք

նաեւ մենք քրիստոնեաներս որ այդ

դժուարութիւնները չենք ապրիր ու

սակայն յաճախ վտանգի մէջ կը

գտնուինք` անտարբերութեան եւ

Աստուծոյ մոռացութեան անապատ-

ներուն մէջ – ազդարարեց Ֆրանչիսկոս

Պապը ու յանձնարարեց ''Որպէս Յիսուսի հետեւորդներ պէտք ենք սորվիլ խոնարհութեամբ կրել մէկը

միւսին բեռը, իրար զիրար օգնելով որպէսզի միշտ աւելի լաւ քրիստոնեաներ ըլլանք, ու միշտ աւելիով

դառնանք Յիսուսի աշակերտներ։ ''Առ այդ քալենք միասին այդ սիրոյ մէջ, այնպէս ինչպէս Քրիստոսը մեզ

սիրեց ու իր կեանքը տուաւ մեզի համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց Պենտեկոստէի

նախորդող այս օրերուն ուր կը պատրաստուինք վերապրելու Սուրբ Հոգւոյն էջքի հրաշքը նորածին

Եկեղեցւոյ վրայ։ ''Հաւատքով հայցենք Կեանք պարգեւող ու Սուրբ Հոգիին գալուստը, որպէսզի վերանորոգէ

աշխարհը, բուժէ աշխարհի վէրքերը, հաշտեցնելով ամէն արարարծի սիրտը իր Արարիչին հետ։ Թող Ան`

Մխիթարիչը, ըլլայ դէպի միութիւն մեր ուղեւորութեան ներշնչումը, թող Ան մեզի սորվեցնէ ինչպէս սնուցել

եղբայրական մեր կապերը որ ''արդէն մեզ կը միացնեն մէկ մկրտութեամբ ու մէկ հաւատքով'' ըսաւ

Սրբազան Հայրը խօսքին աւարտին ու ապա բոլոր ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուածամօր հովանին

''որպէսզի մեզի համար ըլլայ Միութեան Մայրը'': Ամէն։

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջէն

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 8

Պէյրութ, Լիբանան

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ 69 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

«ԱԼԻՍ ՆԵՐԿԻԶԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ

ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Շաբաթ, 31 Մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ

«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականաց բաշխումը,

ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութեան հանդիսավարն էր տիկին Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի մանկամսուրի պատասխանատու օրդ.

Թամար Ֆէսլեան, որ նշեց, թէ 2010 թուականին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց

պատրիարքութեան եւ նախաձեռնութեամբ Վարժարանի մնայուն բարերար պրն. Վարուժան Ներկիզեանին,

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ հիմնուեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը,

նպատակ ունենալով հայ մանուկին ապահովել որակաւոր, ջերմ եւ առողջ խնամք: Օրդ. Ֆեսլեան

հաստատեց, որ մանկամսուրը աւարտող երեխաները մանկապարտէզին մէջ մեծ դժուարութիւններ պիտի

չունենան, որովհետեւ խաղաղ ու առողջ մանկամսուրին մէջ արդէն իսկ պատրաստուեցան հոգեպէս թէ

ֆիզիքապէս: Ապա շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին մանկամսուրի 69 աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ

գեղարուեստական յայտագիր: Հանդիսութեան ընդհանուր նիւթն էր կրկէսը եւ ներկայացումները

ուղղակիօրէն առնչուած էին թեմային: Մանկամսուրի «Կարմիր», «Կապոյտ», «Դեղին» եւ «Կանաչ»

դասարաններու աշակերտները պարեցին «Afro circus», «Barbie girl”, «Dance des magiciens», «Firework»,

«Bella», «Փիսօ, Փիսօ, մլաւէ» եւ այլն:

Աշակերտները իրենց գոյնզգոյն

տարազներով, գեղեցիկ պարային

շարժուձեւերով, բեմի տպաւորիչ

յարդարանքով եւ երեխաներու

ժպտուն դէմքերով ներկաներուն

փոխանցուեցաւ հաճելի եւ ուրախ

պահեր: Գեղարուեստական յայտա-

գիրին կրկէսային ցուցադրու-

թիւններով իրենց մասնակցութիւնը

բերին «Սիրք ՏիւԼիպան»էն

ներկայացուցիչներ:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան

վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար

Գալուստ, որ նշեց, թէ 75-ամեայ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 9

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Մեսրոպեան վարժարանի երիտասարդ ըլլալու լաւագոյն ապացոյցը մանկամսուրի աշակերտներն են`

աստղերն են, որոնք կեանք եւ լոյս կը ներշնչեն: Մեսրոպ-եան վարժարանի տնօրէնը յայտնեց, որ այն

գուրգուրանքը որ կը փոխանցուի հայկական վարժարանին մէջ եւ ուրիշ տեղ կարելի չէ գտնել, խորքը`

ազգային շունչը միայն հայկականին մէջ կարելի է տեսնել:

Պրն. Գալուստ յայտնեց, որ երբ երեխաները ունենան ամուր հիմք եւ ստանան ամբողջական

դաստիարակութիւն, ապա մեր ապագան ապահով է եւ առաքելութիւնը իր նպատակին կը ծառայէ:

Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ անձնակազմին, որոնց հաւաքական

ճիգերուն շնորհիւ գործը յաջողութեամբ կը պսակուի:

Հանդիսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

75-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՑ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԴԷՊԻ 100-ԱՄԵԱԿ ԵՐԹԸ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրաոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտեներու

վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ այսօր, Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2014-ին,

երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ

վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեանին, հոգեւոր հայրերու,

ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն,

պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, կրթական մշակներու, ուսուցիչներու,

ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք, մուտք գործեցին շրջանաւարտները: Ապա

խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ

առաջին հերթին խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք չէ մոռնայ իր

ազային պատկանելիութիւնը եւ ուր որ ալ գտնուի ու ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ պէտք է տարածէ Հայկի

յաղթական ոգին, Սասունցի Դաւիթի պայքարելու խիզախութիւնը, Վարդանի անձնազոհութիւնն ու

Անդրանիկներու կամքը»:

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 10

Պրն. Գալուստ յայտարարեց, որ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արաբերէն քննութիւններուն Մեսրոպեան

վարժարանի աւարտական դասարանէն երկու աշակերտներ յաջողութեամբ աւարտած են եւ ստացած`

համալսարանական ուսումի ամբողջական կրթաթոշակ, ինչ որ ցուցանիշ է վարժարանի կրթութեան

բարձրորակ մակարդակին: Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն,

բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնց հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ կարելի է նուաճումներ

արձանագրել:

Ապա Նարեկ Հեքիմեան եւ Ժոզէֆ Ահմարանի նուագեցին «Աւէ Մարիա»ն, որմէ ետք շրջանաւարտներու

հայերէն խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըգեան: Ան ըսաւ. «Ուսումնական այս հանգրուանի աւարտը կը

թելադրէ բաժնուիլ մեր սիրելի վարժարանէն, բայց վստահ եղէք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը Մեսրոպեան մը

պիտի ունենայ իր հոգիին մէջ, ու պիտի դառնայ մշակը հայ ժողովուրդին»:

Ալիս Աբարդեան արաբերէնով ընթերցեց 75-ամեակի մաղթանք մը: Գեղարուեստական յայտագիրի ա.

բաժինով արուեստիցի աւարտական աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը, որմէ ետք Համբիկ

Յովսէփեան դաշնամուրով նուագեց «Նաթինկ էլս մէթըրս»: Շրջանաւարտներու ֆրանսերէն խօսքը

արտասանեց Աննա-Քրիսթինա Գոլանճեան, որ յայտնեց, թէ շրջանաւարտները ստացած են 75-ամեայ ամուր

կառոյցէն 15 տարուան կրթութիւն, եւ այս արժէքը ինքնին կ’ապահովէ եւ կ’երաշխաւորէ իւրաքանչիւր

շրջանաւարտի փայլուն ապագան: Գոլանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցչական

կազմին եւ ծնողներուն, իրենց նուիրական աշխատանքին համար:

Ապա Լիզա Սվաճեան երգեց «Միասնութեան շուրջպար»ը, ընկերակցութեամբ շրջանաւարտներուն:

Շրջանաւարտներու արաբերէն խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմէքեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութեամբ

շրջանաւարտներու երազներէն մէկը իրականացաւ, բայց անդին կան բազմաթիւ երազներ, որոնց

իրականացման համար շրջանաւարտները պէտք է ունենան հաւատք եւ կամք, աշխարհին ցոյց տալու, որ

իրենք ժառանգորդներն են պահանջատէրներու:

Արուեստիցի աւարտական աշակերտներու կողմէ «Տոզ Ուըր Տը Տէյզ» երգի կատարումէն ետք, ներկաները

դիտեցին աւարտական դասարաններու աշակերտներու առօրեան ներկայացնող տեսերիզ մը:

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 11

Շրջանաւարտներու անգլերէն խօսքը արտասանեց Սիփան Իսքէնտէրեան, որ յայտնեց, թէ Մեսրոպեան

վարժարանը հիմքն էր շրջանաւարտներու կեանքի ուղիին, ուր կազմաւորուեցան մեր մտային

կարողականութիւններն ու անհատականութիւնը:

Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին արաբական պար մը, որմէ ետք իր հայրական

պատգամը փոխանցեց Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Եղիայեան: Հոգեւոր հայրը ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը

լիբանանահայ կրթօճախներուն մէջ կը ներկայանայ որպէս անխորտակելի կաղնի, լուսաշող փարոս եւ

կանանչաւէտ ովասիս մը` մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոնէակերտումի:

Հայր Եղիայեան յայտնեց, որ Մեսրոպեանի ապագան ձտգում ու սլացք մըն է նուաճումէ նուաճում,

յաջողութենէ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութենէ յառաջդիմութիւն:

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 12

Հոգեւոր հայրը մեսրոպեանական շրջանաւարտները

այսուհետեւ զինուած են գիտութեամբ, գօտեպնդուած են

բարոյական սկզբունքներով, հզօրացած են հայու

պատկանելիութեամբ եւ ինքնութեամբ:

Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի

Վահան»ի փոխանցումէն ետք, խումբ մը աշակերտներ

արտասանեցին «Մօր ձեռքերը», որմէ ետք շրջանաւարտները

երգեցին «Վերջին զանգ»ը:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում,

կարկանդակի հատում, հրավարութիւն եւ շնորհաւո-

րութիւններու ընդունում:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 13

Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 102, էջ 9

Մոսկուա, Ռուսիա

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ 145-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

ԳՐԱԿԱՆ-ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՄԷՋ

Մայիս 27-ին Մոսկուայի Ազգութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած է Յ. Թումանեանի 145-ամեակին

նուիրուած գրական-երաժշտական յուշ-երեկոյ: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մոսկուայի մէջ ՀՀ

դեսպանութենէն, երեկոն կազմակերպած էր Ռուսաստանի հայերու միութիւնը` Մոսկուայի

Ազգութիւններու տան, Մոսկուա քաղաքի միջտարածաշրջանային համագործակցութեան, ազգային

քաղաքականութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժանմունքին հետ համատեղ:

Երեկոն կը վարէր հայ համայնքի ներկայացուցիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Մոսկուայի

Ա.Գորկիի անուան համաշխարհային գրականութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, Մոսկուայի

Մ.Լոմոնոսովի անուան Պետական համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու ինստիտուտի դասախօս

Բ.Զուլումեան: Ան ներկայացուց Թումանեանի ստեղծագործական ուղիի հակիրճ պատմութիւնը:

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին յատուկ

ուշադրութիւն դարձուց այն հանգամանքին, որ 1915թ.

Ցեղասպանութենէն ետք Թումանեանը գլխաւորեց Էջմիածնայ մէջ

ստեղծուած փախստականներու հարցերով կոմիտէն:

Ելոյթներով հանդէս եկան բազմաթիւ պատմաբաններ, հայ եւ ռուս

անուանի գրողներ, ընթերցուեցան Թումանեանի

բանաստեծութիւնները:

Երեկոյի աւարտին ցուցադրուեցան Յ.Թումանեանի մասին պատմող

վաւերագրական շարժանկար եւ մեծ բանաստեղծի հեքիաթներէն

մէկուն կարճ թատերական բեմադրութիւն:

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար

Վ.Մելքումովան:

Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 105, էջ 14

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]