Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

10
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 243 էջ 1 Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Ծննդեան աստուածապարգեւ տօնին առիթով, ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ յոյսի Հայրապետական պատգամը սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ եւ կրօնաւորներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի գտնուող բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։ Սուրբ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հրեշտակին խօսքը Բեթղեհէմի հովիւներուն. «Ահա ձեզի կ'աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդինը պիտի ըլլայ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2, 10-11)։ Վերոյիշեալ Սուրբ Աւետմանին խօսքը մեզի ոչ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ մանաւանդ մեզի նոր յոյս մը կը ներշնչէ, որ կը յաղթէ մեզ շրջապատող բոլոր դժուարութիւններուն եւ կը փարատէ մեր բոլոր մտահոգութիւնները: Եթէ առօրեայ լուրերուն հետեւինք, միեւնոյն անկայուն վիճակ մը եւ անապահով մթնոլորտ մը կը գտնենք, որ մեզի անհանգստութիւն եւ անձկութիւն կը պատճառեն, եւ որ մօտ կամ հեռաւոր ապագայի վրայ լոյս կամ յոյս չեն սփռեր: Մենք մեզի կը հարցնենք. Արդեօք մեր Հայր Աստուածը չ՞ի տեսներ մեր ձաւերն ու նեղութիւնները, եւ միջոց չուն՞ի արդեօք մեզի օգնութեան հասնելու: Արդե՞օք մեր Հայր Աստուածը լուծում չունի տալու, 3 տարիէ ի վեր տառապող ժողովուրդներուն, արաբ երկիրներուն մէջ տիրապետող պայքարներուն պատճառով, անոնց վերջ տալու համար: Մեր Հայր Աստուածը կարողութիւն չո՞ւնի արդեօք կեցնելու գաղթականութեան հոսքը եւ ստեղծուած անարդար կացութիւնը, որուն զոհ կ'երթան հարիւր հազարաւոր անմեղ ընտանիքներ: Արդե՞օք մեր Հօր Աստուծոյ ձեռքը չի հասնիր վերջ տալու համար քրիստոնեաներու ցաւերուն, որոնք կը թալանուին, կը սպաննուին եւ երբեմն ալ կը նահատակուին՝ իրենց քրիստոնեայ

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

Page 1: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 243 էջ 1

Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամ

Սուրբ Ծննդեան աստուածապարգեւ տօնին առիթով, ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ յոյսի

Հայրապետական պատգամը սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ եւ կրօնաւորներ,

սարկաւագներ, կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի գտնուող բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։ Սուրբ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հրեշտակին խօսքը

Բեթղեհէմի հովիւներուն. «Ահա ձեզի կ'աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդինը

պիտի ըլլայ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2, 10-11)։

Վերոյիշեալ Սուրբ Աւետմանին խօսքը մեզի ոչ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ մանաւանդ

մեզի նոր յոյս մը կը ներշնչէ, որ կը յաղթէ մեզ շրջապատող բոլոր դժուարութիւններուն եւ կը

փարատէ մեր բոլոր մտահոգութիւնները: Եթէ առօրեայ լուրերուն հետեւինք, միեւնոյն անկայուն

վիճակ մը եւ անապահով մթնոլորտ մը կը գտնենք, որ մեզի անհանգստութիւն եւ անձկութիւն կը

պատճառեն, եւ որ մօտ կամ հեռաւոր ապագայի վրայ լոյս կամ յոյս չեն սփռեր:

Մենք մեզի կը հարցնենք. Արդեօք մեր Հայր Աստուածը չ՞ի տեսներ մեր ձաւերն ու նեղութիւնները,

եւ միջոց չուն՞ի արդեօք մեզի օգնութեան հասնելու:

Արդե՞օք մեր Հայր Աստուածը լուծում չունի տալու, 3 տարիէ ի վեր տառապող ժողովուրդներուն,

արաբ երկիրներուն մէջ տիրապետող պայքարներուն պատճառով, անոնց վերջ տալու համար:

Մեր Հայր Աստուածը կարողութիւն չո՞ւնի արդեօք կեցնելու գաղթականութեան հոսքը եւ

ստեղծուած անարդար կացութիւնը, որուն զոհ կ'երթան հարիւր հազարաւոր անմեղ ընտանիքներ:

Արդե՞օք մեր Հօր Աստուծոյ ձեռքը չի հասնիր վերջ տալու համար քրիստոնեաներու ցաւերուն,

որոնք կը թալանուին, կը սպաննուին եւ երբեմն ալ կը նահատակուին՝ իրենց քրիստոնեայ

հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար:

Սիրելիներ, մեր Հայր Աստուածը ամէն բան կը տեսնէ եւ դարերու ընթացքին միշտ պատասխան

տուած է նման տմարդի եւ անարդար դէպքերուն:

Նախ եւ առաջ, մեր Հայր Աստուածը մեզի աւետեց եւ յատուկէն այսօր կը շարունակէ մեզի աւետել

փրկչին ծնունդը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ աշխարհ եկաւ մարդիկ Աստուծոյ զաւակ դարձնելու եւ

իրարու հանդէպ սիրող եւ ներող եղբայրներ եւ քոյրեր վերադարձնելու համար: Յիրաւի,

Սուրբ Պատարագին ընթացքին կ'երգենք. Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ, թշնամութիւնն

հեռացաւ, սէրն ընդ հանուրս սփռեցաւ:

Page 2: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

որոնք կը թալանուին, կը սպաննուին եւ երբեմն ալ կը նահատակուին՝ իրենց քրիստոնեայ

հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար: Սիրելիներ, մեր Հայր Աստուածը ամէն բան կը

տեսնէ եւ դարերու ընթացքին միշտ պատասխան տուած է նման տմարդի եւ անարդար

դէպքերուն:

Նախ եւ առաջ, մեր Հայր Աստուածը մեզի աւետեց եւ յատուկէն այսօր կը շարունակէ մեզի

աւետել փրկչին ծնունդը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ աշխարհ եկաւ մարդիկ Աստուծոյ զաւակ

դարձնելու եւ իրարու հանդէպ սիրող եւ ներող եղբայրներ եւ քոյրեր վերադարձնելու

համար: Յիրաւի, Սուրբ Պատարագին ընթացքին կ'երգենք. Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ,

թշնամութիւնն հեռացաւ, սէրն ընդ հանուրս սփռեցաւ:

Յաճախ կը սպասենք որ մեր Հայր Աստուածը ամբարտաւանքներուն դէմ նոյն բռնակալ

միջոցները գործածէ, անօրէններուն դաս տայ եւ չարին վերջակէտ մը դնէ: Այս

մտածելակերպը, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կը նշանակէ որ մենք Աստուծոյ ծրագիրները

չենք հասկցած տակաւին: Կը նշանակէ որ Սուրբ Գիրքը չենք կարդար, ընբռնելու համար

Աստուծոյ իմաստուն ծրագիրները եւ անցեալին մէջ Անոր կատարած փրկարար գործերը:

Այս մտածելու ձեւը կը նշանակէ որ մենք տակաւին աշխարհիկ մտայնութեամբ կ'ապրինք,

եւ ասոր համար կը գայթակղինք Աստուծոյ ընթացքէն, ինչպէս առաքեալները

գայթակղեցան Յիսուսի չարչարանքներուն, խաչելութեան ու մահուան առջեւ:

Բայց առաքեալները, Յիսուսի յարութենէն ետք, հասկցան Աստուծոյ ծրագիրը, որ կ'ուզէ

աշխարհը փրկել սիրով եւ ոչ ուժով: Անոնք պատրաստ եղան այս բարի լուրը աւետել բոլոր

մարդոց եւ իրենց կեանքն իսկ զոհել Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը իրագործելու համար:

Եւ ահա այսօր երկնքին մէջ բիւրաւոր սուրբեր եւ Քրիստոսի վկաներ ունինք, որոնք

Աստուծոյ փրկարար գործը հասկցան եւ չվարանեցան ամէն զոհողութիւն յանձն առնել՝

մարդոց աւետելու համար այս բարի լուրը, եւ դարձան իսկական առաքեալներ իրենց

սերունդէն ու միջավայրէն ներս:

Ասոնք հասկցան Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը եւ զայն ապրեցան ու քարոզեցին:

Ասոնք ուրախ կեանք մ'ունեցան եւ հազարներ ուրախացուցին իրենց բարի օրինակովը:

Ասոնք յոյսով ապրեցան եւ իրենց շրջանակին մէջ բիւրաւոր մարդոց յոյս սփռեցին:

Ասոնք իմաստ տուին աշխարհի ելեւէջներուն եւ իրենց կեանքի վկայութեամբը համոզեցին

շատերը, որ կարելի չէ չարով չարին յաղթել, այլ միայն՝ ներողամտութեամբ եւ սիրով: Այս է

քրիստոնեայ սկզբունքը:

Այս նիւթին առընչութեամբ, Սուրբ Պօղոս յստակ կերպով կը բացատրէ հռոմէյացիներուն

այս վիճակը, երբ կ'ըսէ. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, կերցո՛ւր անոր, եթէ ծարաւի է, խմցո՛ւր

անոր. այսպէս ընելով՝ հրաբորբոք կայծեր կը կուտակես անոր գլխուն վրայ»: Այսինքն, քու

այս ընթացքովդ, մեղաւորը՝ բարի գործերդ տեսնելով խղճի խայթ պիտի ունենայ, որ զինք

պիտի մղէ դարձի գալու: Եւ Սուրբ Պօղոս կը շարունակէ իր խօսքը ըսելով. «Մի՛

յաղթահարուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ. 12, 20-21):

Այս իմաստով է որ, սիրելիներ, Յիսուսի Ծնունդը յոյսի տօն մըն է մեզի համար, որովհետեւ

ան կը յաղթէ մեր յոռետեսութեան: Այսպէս կ'արտայայտուի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս

Սրբազան Պապը, երբ կ'ըսէ. Յիսուսի ծննդեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած մեզի

հետ է եւ թէ Աստուած մեր վրայ իր վստահութիւնը դրած է: Աստուծոյ Որդին մարդացաւ

որպէսզի միշտ բնակի մեր մէջ՝ թէ մեր ուրախութիւններուն եւ թէ մեր ցաւերուն ատեն:

Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 243 էջ 2

-

Page 3: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2013 8րդ Տարի, Թիւ 243 էջ 3

անոր. այսպէս ընելով՝ հրաբորբոք կայծեր կը կուտակես անոր գլխուն վրայ»: Այսինքն, քու այս

ընթացքովդ, մեղաւորը՝ բարի գործերդ տեսնելով խղճի խայթ պիտի ունենայ, որ զինք պիտի

մղէ դարձի գալու: Եւ Սուրբ Պօղոս կը շարունակէ իր խօսքը ըսելով. «Մի՛ յաղթահարուիր

չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ. 12, 20-21):

Այս իմաստով է որ, սիրելիներ, Յիսուսի Ծնունդը յոյսի տօն մըն է մեզի համար, որովհետեւ ան

կը յաղթէ մեր յոռետեսութեան: Այսպէս կ'արտայայտուի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս

Սրբազան Պապը, երբ կ'ըսէ. Յիսուսի ծննդեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած մեզի հետ է

եւ թէ Աստուած մեր վրայ իր վստահութիւնը դրած է: Աստուծոյ Որդին մարդացաւ որպէսզի

միշտ բնակի մեր մէջ՝ թէ մեր ուրախութիւններուն եւ թէ մեր ցաւերուն ատեն: Ուստի,

աշխարհը արցունքներուն հովիտ մը չէ այլեւս եւ բնաւ պիտի չըլլայ ասկէ վերջ, քանի

Աստուծոյ Միածին Որդին բնակեցաւ անոր մէջ, եւ ուզեց մարդոց կեանքին բաժնեկից դառնալ:

Արդարեւ, Յիսուս չծնաւ իտէալական աշխարհի մը մէջ, այլ՝ իրական աշխարհի մը մէջ ուր, լաւ

կողմերուն առընթեր, կային նաեւ չարութիւններ, խեղճութիւններ եւ պատերազմեր: Յիսուս

ապրեցաւ այս տեսակ աշխարհին մէջ՝ իր սահմաններով եւ իր ցաւերով:

Սիրելիներ, Յիսուս միշտ մեզի հետ է: Արդեօք կը հաւատա՞ք այս խօսքին: Յիսուս մեզի հետ է

իր ծննդեան օրէն ի վեր, եւ միշտ մեզի հետ պիտի մնայ մեր պատմութեան ընթացքին, որպէսզի

մեզ վերցնէ մեր դժուարութիւններէն եւ մեր մեղքերէն: Այս է մեծ նուէրը որ Մանուկ Յիսուսը

մեզի կը շնորհէ այսօր: Ան մեզի նոր թափ մը կու տայ, որպէսզի չընկճուինք մեր

յուսալքումներուն եւ մեր տխրութիւններուն ծանրութեան տակ: Որովհետեւ, նոր թափը որ

Յիսուս մեզի տուաւ, կը ջերմացնէ մեր սիրտը եւ զայն կը փոխէ: Ուստի, Յիսուսի Ծննդեան

տօնը մեզի բարի լուր մը կը բերէ՝ որ մենք անձնապէս եւ մեծապէս Աստուծմէ սիրուած ենք:

Աստուած չի պատմեր միայն իր սէրը մեզի, այլ՝ այդ սէրը մեզի հայրաբար կը փոխանցէ: Ասոր

համար, ներկայ մեր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն մէկտեղ, Ծննդեան տօնը մեզի կը շնորհէ

յոյսի եւ ուրախութեան նշաններ: Յիսուսի Ծնունդը մեզմէ ամէն մէկուն սփոփանք,

զօրակցութիւն եւ մխիթարութիւն կու տայ:

Յոյժ սիրելիներ, մեր վստահութիւնը դնենք Աստուածամօր բարեխօսութեան վրայ, Ան որ եղած

է Յիսուսին մայրը եւ մեր երկնաւոր մայրը, որպէսզի այս Ծննդեան տօնին առիթով, Ան մեզի

օգնէ կարենալ ճանչնալու համար մեր ընկերոջ դէմքին վրայ, մանաւանդ ամենատկարին մօտ,

ճանչնալու Մարդացած Յիսուսին դէմքը. ամէն:

Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ – Օրհնեալ է Յիսուսին Ծնունդը

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

Դեկտեմբեր 25, 2013 Կաթողիկէ Հայոց

Արեւմտեան Ս. Ծնունդի առիթով ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ իր բոլոր ընթերցողները

ընդհանրապէս եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանողները մասնաւորաբար մաղթելով, որ Խաղաղութեան Իշխանին

Ծնունդը խաղաղութիւն պարգեւէ ինչպէս բոլորին սրտերուն՝ նաեւ համայն աշխարհին:

Page 4: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 5: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 6: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243
Page 7: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243
Page 8: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243
Page 9: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243
Page 10: Wednesday 25 12 13, volume # 8, issue # 243

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]