''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

17
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Հայրենի Պատմաբան ու Դասախօս Սուրէն Սարգսեանի «Արմէնիա Պարբերականը - Ազատագրական Գաղափարախօսութեան Ակունքներում» ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Օրերէ ի վեր, Պէյրութի «Զաթօնք» օրաթերթի էջերէն կ'իմանայինք, որ գիրք մը լոյսին եկած է Սուրէն Սարգսեանի հեղինակութեամբ նիւթ ունենալով Մկրտիչ Փորթուգալեանի «ԱՐՄԷՆԻԱ» ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԸ: Ու ահա վերջապէս 26 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան, այս գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ Թէքէեան կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ: Բազմատասնեակ ունկնդիրներս լսեցինք հեղինակին խօսքը իր իսկ կազմած հատորին մասին գեղարուեստական յայտագիրի մը կատարումին կողքին: Այս 679 էջեր պարունակող նորոգ հաստատուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան հովանին վայելող՝ ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ առաջին հատորին հրապարակումը կը զուգադիպէր նաեւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութեան կազմաւորումին, չըսելու համար, որ այս վարչութեան օրով Լիբանանի մէջ

description

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Transcript of ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Page 1: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Հայրենի Պատմաբան ու Դասախօս Սուրէն Սարգսեանի

«Արմէնիա Պարբերականը - Ազատագրական

Գաղափարախօսութեան Ակունքներում»

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Օրերէ ի վեր, Պէյրութի «Զաթօնք» օրաթերթի էջերէն

կ'իմանայինք, որ գիրք մը լոյսին եկած է Սուրէն Սարգսեանի

հեղինակութեամբ նիւթ ունենալով Մկրտիչ Փորթուգալեանի

«ԱՐՄԷՆԻԱ» ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԸ:

Ու ահա վերջապէս 26 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան, այս

գիրքին շնորհահանդէսը կայացաւ Թէքէեան կեդրոնի

Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ:

Բազմատասնեակ ունկնդիրներս լսեցինք հեղինակին խօսքը

իր իսկ կազմած հատորին մասին գեղարուեստական

յայտագիրի մը կատարումին կողքին:

Այս 679 էջեր պարունակող նորոգ հաստատուած Ռամկավար

Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան

հովանին վայելող՝ ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ առաջին հատորին

հրապարակումը կը զուգադիպէր նաեւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի

Շրջանային նորընտիր վարչութեան կազմաւորումին, չըսելու

համար, որ այս վարչութեան օրով Լիբանանի մէջ

հրապարակումը կը զուգադիպէր նաեւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային նորընտիր

վարչութեան կազմաւորումին, չըսելու համար, որ այս վարչութեան օրով Լիբանանի

մէջ

Page 2: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

մէջ կազմակերպուած շնորհաւորելի առաջին

յաջողութիւնն էր:

Այժմ մեր խօսքը այս գիրքին մասին:

Հատորին էջերուն թիւը կը թելադրէ մեզի ըսելու, թէ

հեղինակը լրջագոյն ուշադրութեամբ ջանադիր եղած է

հաւաքելու հարիւրաւոր տուեալներ իր պատմագրական

նիւթը հեղինակելու համար:

Ու կը ստանանք տուեալներ այս ուսումնասիրութեան

մասին.-

Հեղինակը հետազօտած է.-

ա- 19 պարբերական,

բ- 12 արխիւային նիւթեր,

գ- 8 տպագիր պարբերական,

դ- 80 հայերէնով գրականութիւն,

ե- 4 օտարալեզու գրականութիւն,

զ- 11 յօդուած:

Ու հատորին 269-679րդ էջերուն վրայ տարածուող 250 յօդուած նուիրաբերած ընթերցողին որոնց

հանդիպած է հեղինակը իրեն մատչելի եղած «Արմէնիա» պարբերականի էջերէն, բան մը որ

տեսակ մը հաստատումի աղբիւր է հեղինակին կատարած ուսումնասիրութեան՝ այս հատորին 262

էջերը գրաւող:

Հիմա այս հատորը.- «ԱՐՄԷՆԻԱ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԸ

Ազատագրական Գաղափարախօսական Ակունքներում»

Հեղինակ՝ Սուրէն Սարգսեան: Երեւան, 2014թ.

Սարգսեան իր հեղինակած հատորը նուիրած է «ծնողներիս» Թարխան ու Գիւլխանում

Սարգսեանների եւ Աւագ եղբօրս՝ Ալպերթ Սարգսեանի անմահ յիշատակին:

Հարազատները յարգելը՝ լաւ սկիզբ մը արդարեւ:

Լաւ սկիզբ մը միաժամանակ, երբ այս հատորը կը հրատարակուի «Պօղոս եւ Սիրանոյշ

Արզումանեան» հիմնադրամի կողմէ:

Անկոխ ուղի մը չէ Մկրտիչ Փորթուգալեան ազգային գործիչին նուիրուած այս հատորը: Մենք այս

նուիրեալին անունին հանդիպած ենք բազմաթիւ անգամներ հայ մամուլի էջերուն վրայ, բայց հայ

պատմաբանին՝ Սուրէն Սարգսեանին կը պարտինք ոչ թէ յօդուած մը, այլ՝ մենագրութիւն մը յիշեալ

յարգելի անունին շուրջ. ուրեմն Մկրտիչ Փորթուգալեանի կեանքին ու գործին շուրջ առաջին

ուսումնասիրութիւնն է ընթերցողին ներկայացուածը:

Page 3: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 3

Սարգսեան իր հեղինակած հատորը նուիրած է

«ծնողներիս» Թարխան ու Գիւլխանում Սարգսեանների

եւ Աւագ եղբօրս՝ Ալպերթ Սարգսեանի անմահ

յիշատակին:

Հարազատները յարգելը՝ լաւ սկիզբ մը արդարեւ:

Լաւ սկիզբ մը միաժամանակ, երբ այս հատորը կը

հրատարակուի «Պօղոս եւ Սիրանոյշ Արզումանեան»

հիմնադրամի կողմէ:

Անկոխ ուղի մը չէ Մկրտիչ Փորթուգալեան ազգային

գործիչին նուիրուած այս հատորը: Մենք այս

նուիրեալին անունին հանդիպած ենք բազմաթիւ

անգամներ հայ մամուլի էջերուն վրայ, բայց հայ

պատմաբանին՝ Սուրէն Սարգսեանին կը պարտինք ոչ

թէ յօդուած մը, այլ՝ մենագրութիւն մը յիշեալ յարգելի

անունին շուրջ. ուրեմն Մկրտիչ Փորթուգալեանի

կեանքին ու գործին շուրջ առաջին

ուսումնասիրութիւնն է ընթերցողին ներկայացուածը:

Անշուշտ հատորը ունի յառաջաբան, ուր ըսուած է.-

«Արժանին հատուցելով «Արմէնիա»ին հեղինակն իրաւացիօրէն նշում է, որ այն առաջին թերթն

էր, որ ժողովրդի տառապանքների ու բողոքների մասին խօսեց բարձրաձայն, հայ գաղութների

մէջ վառեց ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան կրակը:

«Արմէնիա»ի ու նրա խմբագրի մեծագոյն նուաճում է համարում այն, որ թերթն իր ընթերցողներին

աստիճանաբար համոզում էր, որ բաղձալի ազատութեանը կարելի է հասնել սեփական ուժերին

կռթնելու, համերաշխ գործելու ու փոխադարձ օգնութեան միջոցով»:

Այս յառաջաբանը անստորագիր է, թէեւ հատորին առաջին էջին վրայ կը նշուի, թէ այս գործը

խմբագրողը ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ՝ Ալբերտ Խառատեանն է:

Ուրեմն հեղինակինն է խօսքը.- «Սոյն աշխատանքը հիմնականում նուիրուած է «Արմէնիա»ում

հրատարակուած նիւթերի ներկայացմանն ու քննական վերլուծութեանը որոնց ելակէտային շատ

դրոյթներ ինչպէս այդ նիւթերի՝ այնպէս էլ դրանց անդրադարձած հեղինակների

հետազօտութիւնների խոր ուսումնասիրութեան արդիւնքն են»:

Սուրէն Սարգսեան

Page 4: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 4

Հեղինակին իսկ խօսքով այս հատորը իր կատարելութեան կրնար հասնիլ եթէ այլ տուեալներ եւս

կարելի ըլլար ձեռքի տակ ունենալ:

Բայց ինչ որ Սուրէն Սարգսեան կտակած է մեզի իր այս ուսումնասիրութեամբ եւ բերած

նորութիւններով բարձրօրէն գնահատելի է եւ ընթերցողին հայեացքին դէմ ջերմօրէն նիւթուած

կենդանագիր մը կը բարձրացնէ հանդէպ այն անխոնջ ազգային գործիչին որուն անունն է Մկրտիչ

Փորթուգալեան:

Եւ ահա՛, սկիզբը կ'ունենանք Փորթուգալեանի կեանքին եւ մանկավարժութեան գործունէութեան

մասին տուեալներ ի Պոլիս եւ Վան:

Հեղինակը ընթերցողին կու տայ այն ժամանակը որուն ընթացքին աշխատած է Մկրտիչ

Փորթուգալեան, որ ծնած էր Պոլիս 1848թ.ին: Դարը 19րդի վերջաւորութեան կը հասնէր, տեղի

ունեցած էր ռուս-թրքական պատերազմ, հայկական հարցը բարձրացած էր Պերլինի

վեհաժողովին «մշուշոտ յոյսեր» հայոց համար 61րդ յօդուածով: Հայութիւնը վերազարթնիլ սկսած

էր, ֆետայիներու անուններ բերնէ-բերան կ'անցնէին, Խրիմեան Հայրիկի թուղթէ շերեփը

երիտասարդութիւնը զէնքի կը կանչէր, օսմանեան ճնշիչ գլանը, քրտական լկտի կողոպտիչներու

գործունէուիւնը, ըմբոստացումի պէտք էր մղէին հայ ժողովուրդը:

Ահա, Փորթուգալեանը իր ողջ կեանքը կը նուիրէ այս գաղափարին, նախ որպէս ուսուցիչ Պոլսոյ

մէջ, ուր իր ճիգերը կը կեդրոնացնէ հայ աշակերտին հոգիի դաշտերուն մէջ սերմանելու ուսման

կարեւորութիւնը, հայեցիութեան եւ պայքարի ոգի յանուն ազատագրման:

Փորթուգալեան զինուած օսմանեան լուծէն ազատագրման տեսիլքով կը մեկնի Վան: Իր առաջին

գործը կ'ըլլայ Վանի մէկ գիւղին մէջ հիմնել հայկական դպրոց ու Վանի մէջ վարժապետանոց մը,

ուր կը հասցնէ սերունդ մը՝ պատրաստ զոհուելու օսմանեան ծանրածանր լուծէն ազատուելու

համար:

Ազատագրումի գաղափարն է դրօշի վերածուածը: Գաղափարին աղբիւրը՝ Մկրտիչ

Փորթուգալեան:

Արթուն են պետութեան բազում լրտեսներ, թուրք, քիւրտ եւ երբեմն ալ ի դժբախտութիւն մեզ՝ հայ

գործակալներ:

Փորթուգալեան կը բանտարկուի մի քանի անգամ ու կը վտարուի հայրենի երկրէն:

Մինչ այդ անոր ազատագրական նպատակները արդէն սկսած էին պտուղներ տալ:

Անցնելով արտասահման Փորթուգալեան կը սկսի հրատարակել «Արմէնիա» պարբերականը:

Page 5: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 5

Թերթ մը որուն խմբագիրը ինքն է ամբողջ 38 տարի: Հաստատուած է Մարսէյլ, ուր մամուլ եւ

հայկական տառեր ու թերթ հրատարակելը պարզապէս տանչալի է:

Մեծ հայրենասէրը իր «Արմէնիա»ն կը հասցնէ ոչ միայն երկիր, այլ նաեւ արտասահմանի հայ

գաղութներուն: Այս մամուլը աղմուկ կը յարուցանէ: «Արմէնիա»ի մուտքը երկիր կ'արգիլուի

օսմանեան պետութեան կողմէ: Թերթը նոյն արգելքին կը հանդիպի Ռուսիոյ մէջ, նաեւ

Պարսկաստանի: Փորթուգալեան յուսահատողը չէ: Ձեւեր կը գտնէ իր «Արմէնիա»ն հասցնելու

ամէն տեղ ու կը յաջողի իր ազատագրական պայքարի կոչերը հասցնել ու խանդավառութիւն

ստեղծել քիչ մը ամէն տեղ:

Այս բոլորին կողքին ահա Փորթուգալեանին կարեւոր մէկ այլ կարծիքը, զոր ինք անձամբ

գործադրեց.- Հայը երկրէն ոչ թէ պէտք է գաղթէ Պոլիս, այլ Պոլսէն պէտք է երթայ Երկիր, գաւառի

հայութիւնը զարգացնելու համար:

Մէկ անձ` Փորթուգալեան, ողջ հայութիւնը ջանաց մղել միասնակամութեան, մղեց

ազատագրական պայքարի 19րդ դարու վերջաւորութեան, ինչպէս մեր օրերուն Հրանդ Տինք

բազմութիւններ խանդավառեց` իր սպանութեամբ յաղթելով մահը:

Մկրտիչ Փորթուգալեան

Հեղինակը յանուն օսմանեան լուծէն ազատագրումի,

կը յիշէ բազմաթիւ անուններ սկսեալ Խրիմեան

Հայրիկէն, Ռաֆֆիէն, Միքայէլ Նալպանտեանէն,

Պատկանեանէն ու Սվաճեանէն: Բաղդատութիւններ

կ'ընէ, կը հաստատէ կարելիութիւնը օսմանեան լուծէն

ազատուելու:

Բայց թուրք եկող ու գացող սուլթաններու եւ

իշխանութիւններու վարած ճնշումի քաղաքակա-

նութիւնը նոր չէր: Անոնք մեզ ճնշած, թրքացումի

քաղաքականութիւնը մեր վրայ սկսած էին իրենց Փոքր

Ասիա հասնելէն ի վեր: Այդ ճնշումի ձեւերը

սատանաներն անգամ չէին կրնար հնարել:

Ահա ինչու չդիմանալով եղկելի այդ ճնշումներուն հայը

սկսաւ գաղթել: Թուրքը իր կարգին այդ պարապ

հողերը սկսաւ լեցնել քիւրտերով, չէրքէզներով եւ

գաղթական թուրքերով: Հայը իր հարազատ հողը կը

պարպէր:

Անշուշտ հեղինակը խօսած է նաեւ` բացի Արմենական

Page 6: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 6

կուսակցութեան հրապարակ գալուն, որուն կազմակերպիչները իր` Փորթուգալեանի սաներն

էին, նաեւ Կարինի, Պոլսոյ, Իզմիրի ու եւրոպական երկիրներու մէջ ազատագրական պայքարի

մղուած կազմակերպութիւններու շուրջ:

Փորթուգալեան կոչ կ'ընէ, որ հայկական կազմակերպութիւնները միանան, մարդ պատրաստեն,

հող պաշտպանեն, որ ըմբոստացումը հայ ժողովուրդին շարժումին վերածուի եւ ան

ազատագրումի հասնի:

Այդ ուղղութեամբ հնչակ-դաշնակ միակամ աշխատելու կապակցութեամբ մի քանի փորձեր կը

կատարուին, սակայն առանց արդիւնքի: Ոմանք կ'ուզեն սոցիալիստական գաղափարներ

տարածել տեղ մը, ուր ո'չ բանուորական դասակարգ կար եւ ոչ ալ դասակարգային բախումներ:

Սուրէն Սարգսեան կը շեշտէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Փորթուգալեան լաւ ճանչնալով մեր

պատմական Հայաստանը եւ հայութիւնը, գտնուելով Կովկաս, ծանօթանալով «Մշակ»ի խմբագիր

Արծրունիի եւ այլ հայ մտաւորականներու հետ, փորձած էր բարեկամական կապեր հաստատել

արեւմտահայերու եւ արեւելահայերու միջեւ, ինչ որ իր ժամանակին ըրած էր նաեւ Արփիար

Արփիարեան:

Ափսո՜ս, հայկական կազմակերպութիւնները տարամիտ էին ու միասնականութիւնը եւ

բռունցքուիլը` մեծ բացական: Մինչ անդին թուրքը իր վայ գործը կը շարունակէր: Հայութիւնը դաս

մը չառաւ 1909ի Ատանայի եւ շրջակայքի ջարդէն: Վրայ հասաւ անխուսափելի 1915ի Ապրիլի

24ը ու բոլորս գիտենք արդիւնքը:

Փորթուգալեան չյուսահատեցաւ ու մինչեւ իր վերջին շունչը` 1921 մնաց իր սիրելիին` «Արմէնիա»

պարբերականին գլուխը, շարունակելով ազատագրումի շեփորը հնչեցնել: Հայ ժողովուրդը թէեւ

ջարդուած` բայց մեռած չէր: Վերապրող հայութիւնը պէտք էր կազմակերպուէր:

Խոստովանինք, որ յօդուածի մը պարունակին մէջ դիւրին չէ ներկայացնել Սուրէն Սարգսեանի

շնորհաւորելի այս աշխատութիւնը: Գիրք մը, որ կը մղէ մեզ խորհրդածելու, ստեղծելու

միասնականութիւն եւ նոր օրերու լոյսին տակ, երբ այլեւս ունինք ազատ ու անկախ Հայաստան,

այս անգամ մեր բոլոր ուժերը յատկացնենք զօրացնելու եղածը, միշտ առանց մոռացութեան

տալու բռնագրաւեալ Հայաստանը, ուր թաղուած են հայուն մշակոյթի բազում հարստութիւնները

եւ բոլոր այդ կոթողները ձայնակցելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակ զոհերուն կþաղաղակեն.-

Ո՞ւր էք հայեր, կարօտով ձեզ կը սպասենք...:

Այս հատորին հեղինակը իր միտքերը կ'եզրափակէ այսպէս.- «Ժամանակն է արժանին հատուցել

անուանի երախտաւորին «Մկրտիչ Փորթուգալեանին», նրա անձնական օրինակով վարակել

երիտասարդ սերնդին, հպարտանալ նրա ամբողջովին արարում դարձած, տարիների թողած

Page 7: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

www.facebook.com/RAGmamoul

ժառանգութեամբ: Յատկապէս երբ կրթութեան, հայրենի տանն ու պապերի հողին տէր

կանգնելու, կորցրածը վերադարձնելու, հզօր ու բարձր տեխնոլոկիային տիրապետելու

անհրաժեշտութիւնն ունենք, աշխարհի նենգ ու չար ուժերին նետած մարտահրաւէրներին

պատասխանելու ստիպումն ու անպայման, յաղթանակած դուրս գալու պատգամ թելադրանքը»:

Այս գիրքով Սուրէն Սարգսեան ինչպէս քանդակագործ` ընթերցողին նուիրած է Մկրտիչ

Փորթուգալեանին արձանը, որուն ըսուած ու չըսուած գործերը մեզ մղելու են` դէպի այսօրուան ու

վաղուան ազատագրուելիք Հայաստանը: Արժանի գործ մը արդարեւ:

Մեծ է Մկրտիչ Փորթուգալեանին վաստակը, բոլորիս սրտերուն կոչ ընող վաստակը: Ուստի

անոր վաստակին չափ մեծ գործեր կատարելու աշխատանքին մղուելու ենք: Կա՛յ օրինակը, օ՛ն

գործի, թէեւ ուշ, բայց գիտնալով, որ երբեւէ ուշ չէ՛:

Պէյրութ, Լիբանան

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 65 էջ 7

Page 8: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 9: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 10: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 11: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 12: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 13: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 14: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 15: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 16: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian
Page 17: ''armenia barperagan ue azatagrakan gaghaparakhosoutyan akounkneroum'' by toros toranian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]